2013-05-08 13:31:33

Գրագովիայի Թեմի Առաջնորդը` Կարտինալ Ջիվիչ, Յանուն Սրբազան Քահանայապետին Կ'եզրափակէ Լիտուանիայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ 6-րդ Դարադարձի Հանդիսութիւնները


Գրագովիայի թեմի առաջնորդը` կարտինալ Ջիվիչ որպէս քահանայապետական պատուիրակ կիրակի օրը եզրափակեց Լիտուանիայի Գաունաս մայր եկեղեցւոյ 6-րդ դարադարձի հանդիսութիւնները։ Իր արտասանած քարոզին մէջ կարտինալը մատնանշեց որ այս տաճարը վեց դարէ ասդին հանդիպումի վայր եղած է Աստուծոյ ու իր ժողովուրդին միջեւ։ Այս սուրբ վայրին մէջ Տէրը իր ժողովուրդին կը շնորհէ իր օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ ոյժը դիմադրելու եկեղեցւոյ թշնամիներուն։ Տէրը մեր օգնականն է ու մեզ միացած կը պահէ։ Պօղոս առաքելաը եկեղեցին կը նմանցնէ Աստուծոյ շէնքին որուն հիմն է նոյնինքն Քրիստոս։ Հաւատացեալները ողջ քարերն են Տիրոջ շէնքին։ Հաւատքի այս տարւոյն ընթացքին մենք կը տօնախմբենք Քաունասի եկեղեցւոյ վեցերորդ դարեդարձը։ Ամէնքս կանչուած ենք խորապէս ապրելու մեր քրիստոնէական հաւատքը ու զայն ճանչցնելու ուրիշներուն։ Միասնաբար գոհութիւն մատուցանենք Ամենակալ Տիրոջ վեց դարերու ընթացքին շռայլած շնորհքներուն համար։ Անոր յանձնենք մեր առօրեայ դժուարութիւնները բարեխօսութեամբ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։








All the contents on this site are copyrighted ©.